*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանի քաղաքական կողմերուն մեծամասնութեան շահը (նամանաւանդ նախագահի ընտրութեան համաձայնութիւնը գոյացնելէ ետք) ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը չյաջողցնելն է՝ հետեւաբար երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելը:
Ամէն պարագայի այս մէկը կախեալ է նախագահական ընտրութիւններէ ետք նոր կառավարութեան մը կազմութեան ժամանակամիջոցէն: Եթէ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը արագ կայանայ, ապա կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ յուսալ: Հակառակ պարագային այս կը նշանակէ, թէ կողմերու մօտ տակաւին կայ անհամաձայնութիւն այս առնչութեամբ՝ ինչ, որ կը նշանակէ թէ երեսփոխանական ընտրութիւններու երրորդ յետաձգումը առկայ է: