Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով, 26 Հոկտեմբերին, ժամը շուրջ 17:00-ին, պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 1996ի ծնունդ զինուոր Գուրգէն Աւետիքի Այվազեանը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: