Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Պահուած Ծրագիրը»

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Աւարտեցաւ «Հայոց Պետականութիւնը ՝ Միասնութեան Առանցք» թեմայով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայացած  Լրագրողներու Համահայկական 8րդ Համաժողովը, որուն համեստ մասնակցութիւնս բերելէ ետք, վերադարձայ Պէյրութ՝ յուշերով եւ յոյզերով բեռնաւորուած:

Այսօր նստած կը խորհիմ, թէ որքան կարեւոր է աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ հայ լրագրողներուս համար, նմանօրինակ ծրագիրներով ի մի գալը ինչ կը վերաբերի փորձառութիւններու, միտքերու, խնդիրներու եւ առաջարկներու փոխանակումին, այնքան եւ թերեւս ալ աւելի եւս կարեւոր է անոր «պահուած ծրագիրը» (hidden curriculum):

Համաժողովին թերեւս ոչ անպայման նախատեսուած «պահուած ծրագիրին» ամենակարեւոր երեսը կը հանդիսանար՝  զանազան ենթամշակոյթներ, խորհելաձեւ, գաղափարախօսութիւններ եւ լեզուական տարբերութիւններ ունեցող հայ լրագրողներու ընկերային գետնի վրայ քանի մը օր միասնաբար անցնելու փաստը, որ առիթ մըն է ընկերային մթնոլորտի մէջ, երբեմն իրարու հանդէպ գոյութիւն ունեցող վերապահութիւններու եւ ինչու չէ կարծրատիպերու չէզոքացումին եւ իրարու նկատմամբ հանդուրժողականութեան զգացումի զարգացումին:

Այս մէկը իրականցնելու մէջ, իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ անշուշտ Սփիւռքի նախարարութիւնը, յանձին իր նախարարով, որ այս եւ նմանօրինակ հաւաքներով Հայրենիքի մէջ իրարու մօտ կը բերէ հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերը՝ հաճելին օգտակարին հետ միացուլելով:

Սպասելով յաջորդ համաժողովին՝ օրերու ընդմիջումէն ետք, մենք դարձեալ իրարու հետ կը շարունակենք թերթիս այս անկիւնով մեր առօրեայ զրոյցները, սիրելի՛ ընթերցող:

Վաղը կը տեսնուինք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին