Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Շուշիի Մանկական Խաղահրապարակ Բացուած է Երեւանի Աջափնեակ Շրջանի Աջակցութեամբ

Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանի եւ ԼՂՀ Շուշիի շրջանի վարչակազմի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրէն ներս Շուշիի Պռոշեան փողոցի վրայ հանդիսաւորութեամբ բացուած է մանկական խաղահրապարակ:

Հադիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուած են Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանի ղեկավար Արտաւազդ Սարգսեանը, Աւան վարչական շրջանի ղեկավար Մանուէլ Ջաւադեանը, Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Արմէն Ուլիխանեանը, ինչպէս նաեւ Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեանը, շուշեցիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Խաղահրապարակի հանդիսաւոր բացումը կատարած են Աջափնեակ վարչական շրջանի ղեկավարը  ու Շուշիի վարչակազմի ղեկավարը: Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քահանան մատուցած է օրհնութեան կարգ:

11

Խաղահրապարակի բացման առթիւ Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեանը տեղեկացուցած է, որ նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն` խաղահրապարակը պէտք է կառուցուէր համատեղ միջոցներով, սական Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարականով անիկա կառուցուած է երեւանեան կողմի յատկացուցած միջոցներով:

Աջափնեակ վարչական շրջանի ղեկավար Արտաւազդ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս խաղահրապարակի կառուցումով, ըստ էութեան, հիմք դրուած է 2013-էն ձեւաւորուած համագործակցութեան գործնական փուլին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին