Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Միքայէլ Ասլան, Ճեմիլ Քոչկիրի, Մեսուտ Քեսքին, Քամէր Սէօյլեմէզ, Միհրան Փրկիչ-Կիւլթեքին, Լօրէլ Տէյմէրէլ… Տերսիմի Զազա, Քրմանճ, Հայ Ու Զրադաշտական Մեր 1000ամեայ Եղբայրներն Ու Քոյրերը

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Մի քանի տարի առաջ, Գերմանիոյ Հանաու քաղաքին մէջ, պաշտօնապէս հիմնադրուեցաւ Տէրսիմի հայոց միութիւնը, նախկին կրօնափոխ, ապա եւ խմբովին քրիստոնեայ մկրտուած Միհրան փրկիչ Կիւլթեքինի եւ ընկերներուն կողմէ: Պատմական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ աւելի քան 2000 տէրսիմցի հայ զազա, քրմանճ, քիւրտ, քզըպաշ, զրադաշտական, գիրմանացի ականաւոր դէմքերու, երաժիշտներու, ազգային ու քաղաքական գործիչներու, գաղափարակիցներու հոծ մասնակցութեամբ:

Հանդիսութեան կը նախագահէր Գերմանիոյ հոգեւոր առաջնորդ՝ Գարեգին Արք. Պէքճեան (նստավայրը Քէօլն) եւ փոխ Առաջնորդ Հայր՝ Սերովբէ Եսախանեան( նստավայրը՝ Հանաու):

Բազմաթիւ ելոյթներ տեղի ունեցան, որոնցմէ յիշատակելին Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինն էր, որ պատմեց խաւարէն դէպի լոյս, հայութեան եւ քրիստոնէութեան եկած-անցած դժուարին ճանապարհը, Սուլէյմէնէն փոխուելով Միհրանի…:

Աննախընթաց փաստարկներով, Գարեգին Արք. Պէքճեան, ինքն ալ կրօնափոխ ծնողներու զաւակ, ողջունեց Տէրսիմի ազգայիններու եւ բազմաչարչար հայութեան պայքարը՝ վերադառնալու Արեւմտեան Հայաստան եւ տէր կանգնելու մեր 2500 տարուան մշակոյթին ու հողերուն եւ դարձեալ կերտելու համատեղ կեանք եւ ապագայ եղբայր ժողովուրդներուն հետ, որոնք 1915ին տէր կանգնեցան հայ բազմահազար վերապրողներուն: Իրենք եւս սուղ վճարեցին այդ մարդկային մեծ ծառայութեան գինը, երբ 1938 թուականին ոճրագործ Աթաթուրքի վարչակարգին հրամանով, ենթարկուեցան կոտորածներու ու տարագրութեան. նահատակուեցան նաեւ Մեծն Սայէտ Րէզանն ու որդին:

Տեղի ունեցաւ համերգ, հայ ժողովուրդի զազա եւ քրմանճ զաւակներ Միքայէլ Ասլանի եւ Ճէմիլ Քոչկիրի համոյթին փառահեղ ներկայութեամբ: Երգերը, Տէրսիմի հայոց «Փեթակ»էն աննման փունջեր էին, հաւաքուած՝ Մեծ Եղեռնէն առաջ հաւաքուած անմահն Կոմիտասի աշակերտ Միհրան Թումաճեանի ձեռամբ եւ ապրող երաժշտութեամբ, իսկ ձայներիզի վերածուած՝ Միքայէլ Ասլանի եւ հայրենի «Ակունք» համոյթի ջանքերով: Համերգի ընթացքին բոլորը զմայլեցան տէրսիմցի քիւրտ ալեուի գեղանի երգչուհի ու մայր, Տէվրիմ Քաւալլի  հայերէն երգեցողութեամբ, որ ներկաներէն ոտնկայս ծափեր խլեց:

Աւստրիոյ մէջ այսօր կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ հայազգի տէրսիմցի Քամէր Սէօյլեմէզը՝ քրտերէնով եւ հայերէնով հրապարակուած շարք մը ձայներիզներու հեղինակը: Իսկ Տէրսիմի համալսարանի երիտասարդ դասախօսուհիներէն է Լօրէլ Տէյմէրէլը, զրադաշտական քըզըլպաշը, որ 2011 թուին Երեւան ժամանեց «Զազա լեզու եւ մշակոյթ» խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով մինչայդ անյայտ մնացած հայ ժողովուրդի հնագոյն պատառիկներ: Իսկ Հայախօս ու քրտախօս զազաքի եղբայր Մեսուտ Քեսքին կը դասախօսէ Ֆրանքֆորթի Կէօթէի անուան համալսարանին մէջ, միաժամանակ գիշերները աշխատելով որպէս մեթրոյի վարորդ՝ յարատեւելու համար իր կեանքն ու գործունէութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին