Հոկտեմբեր 24ին, ՄԱԿ-ի միջազգային օրուան առիթով, կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացում, զոր կազմակերպած էր ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱԿ-ի շարք մը անդամ-երկիրներու, կազմակերպութեան գործակալութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Հայկական աւանդական կատարողական արուեստի ու ժամանակակից պարարուեստի համադրութեամբ, բեմադրուած ներկայացումը տեղի ունեցաւ «Հոգիս» երաժշտական բեմադրութեան միջազգային մեկնարկի ծիրէն ներս` ցուցադրելով ՀԲԸՄ-ի երկու գործընկեր ծրագիրներու`«Թումօ» ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ հովանիի տակ գործող Նորքի հայորդաց տան երիտասարդ մասնակիցներու հմտութիւնները: «Հոգիս» բեմադրութիւնը, որուն անդրանիկ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28ին Նիւ Եորքի մէջ, հայկական աւանդոյթներու իւրայատուկ մեկնաբանութիւն է` թուային եւ ստեղծագործական արուեստի համադրութեամբ:
Ներկայացման բացման խօսքով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ Մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի պատանեկան զարգացման եւ մասնակցութեան հարցերով պատասխանատու Ճուտիթ Տիրսը եւ «Հոգիս» բեմադրութեան ստեղծագործական տնօրէն, ֆրանսահայ բեմադրիչ Փաթրիք Մալաքեան:
«ՄԱԿ-ը ստեղծուել է յանուն ապագայի, այսինքն`երեխաների: Հէնց երեխաներին պէտք է փոխանցենք այս աշխարհը, եւ դա մեր բոլորիս կարեւոր պարտաւորութիւնն է, որի մասին պէտք է յիշենք»,- իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ՀՀ դեսպանը: