Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հոլիվուտի Հռչակի Պողոտային Վրայ Պատուոյ Աստղ Մը՝ Ազնաւուրին

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27-ին, ժամը 11-ին, Հոլիվուտի «Փենթէյճըս» թատերասրահին առջեւ կայանալիք արարողութեան մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քեւըն տէ Լէոն Հոլիվուտի Հռչակի Պողոտայի պատուոյ աստղ մը պիտի շնորհէ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, որ Հոկտեմբեր 28-ին ելոյթ մը պիտի ունենայ նշեալ սրահին մէջ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Աշխարհի տարածքին ունեցած իր բազմաթիւ ելոյթներուն կողքին, 92-ամեայ Ազնաւուրը հեղինակած եւ արձանագրած է աւելի քան 1200 երգեր՝ 8 լեզուներով։ «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրա»-ն նկատուող Ազնաւուրը ստեղծագործած է ամբողջ ութ տասնամեակներ։

Նշենք, որ Քեւըն տէ Լէոն Փոքրիկ Հայաստանը կը ներկայացնէ Սաքրամենթոյի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին