Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր 25ի ժամը 09.00ի դրութեամբ, Հայասատանի Հանրապետութեան տարածքին բոլոր ճանապարհները անցանելի են:
Արագածոտնի մարզի Ծաղկահովիտ գիւղին, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Լոռիի մարզի Ստեփանաւան եւ Սպիտակ քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ:
Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն կը յայտնեն, որ Լարսի անցակէտը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներուն համար: