Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Թոքիոյի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «IT’s Armenia» Խորագիրով Սեմինար

Հոկտեմբեր 28ին Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ «IT’s Armenia» խորագիրով սեմինար ` նուիրուած Հայաստանի ՏՏ (տեղեկատուական արհետսագիտութիւններու-ԵՌԳ․) ոլորտի ներկայացման:

Սեմինարին նպատակն է նպաստել Ճափոնի եւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան, հետաքրքրուածութեան խորացման եւ գործարար յարաբերութիւններու ստեղծման,-այս մասին մեզ կը յայտնեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութենէն:

Հայաստանեան պատուիրակութեան մէջ են՝ «Ինստիկէյթ», «Վօլօ», «Արմինովա Թեքնոլոճիս», «Լեւիաթան», «Այիւնեթուորքս», «Վիէմուեր Իսթերն եուրոփ» եւ «Գրանատուս Վենչուրս» ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Տեղեկատուական արհետսագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան անդամ-կազմակերպութիւնները հանդիպումի ընթացքին մասնաւորապէս պիտի ներկայացնեն միութեան կողմէ իրականացուող միջոցառումներն ու ծրագիրները` ուղղուած հայաստանեան ՏՏ մակնիշի յառաջխաղացման:

«IT’s Armenia» սեմինարը կը կազմակերպեն Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` ի դէմս արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրանդ Պօղոսեանի, Ճափոնի արտաքին առեւտուրի կազմակերպութիւնը (JETRO), Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ճափոնիա-Հայաստան գործարար եւ մշակութային նախաձեռնութիւնը, Ռուսաստանի եւ նորանկախ պետութիւններու հետ տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ROTOBO) եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը (JICA):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին