Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ՔաղԹուրք Լրագրողը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցի Առանձնայատկութիւններուն

Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս բնակող հայերու մշակութային զարգացումը պատմաաշխարհագրական շարք մը գործօններու պատճառով, կ’ընթանայ քիչ մը ուրոյն, իրարմէ անկախ ճանապարհով: Թրքական «Hurriyet» թերթի թղթակից՝ Մեհմեթ Եաշինը, ըստ Ermenihaber.am-ի, անդրադարձած է մասնաւորապէս պոլսահայ եւ հայաստանեան խոհանոցի որոշ առանձնայատկութիւններու: Հեղինակին դիտարկումով, այս երկու խոհանոցներուն միջեւ գրեթէ ոչ մէկ ընդհանրութիւն կայ:

Իսթանպուլի մէջ մեծցած Եաշինը կը պատմէ պոլսահայերուն բնորոշ այն աւանդական ճաշատեսակներուն մասին, որոնք ան համտեսած է իր հայ ընկերներուն եւ դրացիներուն մօտ: Անոնց շարքին կը յիշատակուին, մասնաւորապէս, հայկական դոբիկը, փիլակին, լցոնուած սկումբրիան:

«Ամենահամեղ լցոնուած սկումբրիան ես համտեսած էի Օրթաքէոյի մեր հայ դրացուհի Անահիտ մօրաքրոջ մօտ: Ես կը սիրէի այցելել մեր հայ դրացիներուն, յատկապէս Զատիկի շրջանին։ Զատիկի նախօրէին, մեծ տապակներու մէջ, կ’եփէին ամբողջական տափակաձուկ»,- գրած է Եաշինը:

Հեղինակը պատմած է, որ Հայաստան այցելելու ժամանակ մեծ յոյս ունեցած է, թէ վերջապէս կրկին պիտի համտեսէ իր սիրելի հայկական ուտեստները: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ, իրեն յայտնի պոլսահայ խոհանոցի որեւէ ճաշատեսակի չէ հանդիպած:

«Զիս զարմացուց այն հանգամանքը, որ երեքհազարամեայ պատմութիւն ունեցող եւ Ուրարտուի ժամանակներէն սկիզբ առնող հայկական խոհանոցի եւ Իսթանպուլի հայերու խոհանոցին միջեւ որեւէ ընդհանրութիւն չկար:

Այստեղ խոհանոցի կարեւորագոյն տարրը միսն է: Շատ համեղ էր Ատանայի քէպապին նմանող հայկական քէպապը: Սարերէն, դաշտերէն հաւաքուած բանջարեղէնները եւս լայնօրէն կը կիրառուին խոհանոցին մէջ: Խոհարար մը պատմեց, որ այդ բանջարեղէններէն կարելի է շուրջ 120 ճաշատեսակ պատրաստել:

Պասդրման ինքնին հայկական է: Կրնամ ըսել, որ ամենահամեղ պաստրման համտեսած եմ Երեւանի մէջ»,- գրած է հեղինակը:

Այնուհետեւ, թուրք լրագրողը պատմած է, որ հայկական խոհանոցը հարուստ է մսամթերքով պատրաստուած զանազան ճաշատեսակներով` քոթլէթ, քէպապ, ձաւարով հաւ, խորոված:

«Շատ սիրեցի թթուաշները, յատկապէս շատ սիրեցի կաղամբի թթուաշը: Չեմ կրնար հաստատ ըսել, թէ ձիթապտուղի իւղով պատրաստուած կաղամբով տոլման որո՞նք աւելի համեղ կը պատրաստեն` պոլսահայե՞րը, թէ հայաստանցիները:

Քարնըեարըքը իսկապէս շատ համեղ էր: Հացերու տեսակներն ալ բազմազան էին, շատ սիրեցի յատկապէս լաւաշը:

Գինիները շատ սիրեցի: Իսկ ընթրիքէն ետք մատուցուող քոնեակը կը յարուցէր անգամ ֆրանսացիներուն նախանձը»,- գրած է Եաշինը:

Յօդուածի աւարտին, հեղինակը եզրակացուցած է, որ կարելի է խօսիլ հայկական խոհանոցի երեք տեսակներուն մասին` հայաստանեան խոհանոց, պոլսահայերու խոհանոց եւ մասնաւորապէս Ամերիկա մայրցամաքին մէջ բնակող հայկական Սփիւռքին բնորոշ խոհանոցը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին