Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Հոկտեմբեր 22-ին հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը։
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ղեկավարները, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու պարունակին մէջ, քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներուն շուրջ:
Էդուարդ Նալպանտեան եւ Կարէն Միրզոյեան անդրադարձած են իրենց ղեկավարած նախարարութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան հարցերուն: