Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 22ին գումարուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած Լրագրողներու 8րդ համահայկական համաժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը, որոնց հիմնական բնաբաններն էին «Հայկական Սփիւռքի զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին» եւ «Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին առնչուած խնդիրներու լուսաբանումը լրատուամիջոցներուն կողմէ»:
Այս առիթով, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ, որ Արցախը սոսկ ռազմական տարածք չէ. անիկա նախ եւ առաջ հայրենիք է, ուր կ’ապրի հերոսական ժողովուրդ, որուն մասին պէտք է գրել, որուն գոյատեւման պէտք է անդրադառնալ: Անոր համաձայն, Հայաստանի զարգացումը պէտք է դառնայ Սփիւռքի լրագրողներուն միտքի, գրիչի, ոգիի կարեւոր նպատակը:
«Ազդակ»ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիր, Հայ լրագրողներու համաժողովները համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան, իր հերթին նշեց, որ համաժողովին կը մասնակցին 31 երկիրներէ լրագրողներ` 90ը Սփիւռքէն, 34ը` Արցախէն ու Հայաստանէն:
Ներկայացուած զեկուցումներէն ետք կատարուեցան քննարկումներ` Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներու լուծումը լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութեան միջոցով խթանելու վերաբերող:
«Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, իր կարգին, ներկայացուց զեկոյց մը «Հայրենադարձ Մամուլ» խորագիրով (Խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք յաջորդիւ):
Նիստերուն ընթացքին, ցուցադրուեցաւ լրագրող Նայիրի Հոխիկեանի «Արեւը ցեխով չես ծածկի» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ կատարուած Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանած աւելի քան 4,5 միլիոն հայերու մասին:
Համահայկական համաժողովի մասնակիցները նիստերէն ետք, այցելեցին Արցախի սահմանագիծ` մօտէն ծանօթանալու սահմանի պահպանութեան հսկող զինուորներուն առօրեային: Անոնք զրուցեցին զինուորներուն հետ, գնահատեցին անոնց նուիրումը, ուժ եւ կորով ներշնչեցին իրենց կեանքին գնով սահմանը պահողներուն:
Ապա, Տիգրանակերտի բերդին մէջ լրագրողները հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօր. Լեւոն Մնացականեանին հետ, որ պատասխանեց լրագրողներուն բոլոր հարցումներուն: