Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Հաւանութիւն Տուաւ Նոր Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին

Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ նոր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին: Կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկեցին խորհրդարանի 85 պատգամաւորներ, 7ը՝ դէմ, 6ը՝ ձեռնպահ: Ընդդիմադիր Հայ Ազգային գոնկրէս խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան քուէարկութենէն առաջ յայտարարեց. «Մենք չենք կրնար վստահութիւն յայտնել որեւէ կառավարութեան, որ առաջադրուած է իշխող կուսակցութեան կողմէ: Հետեւաբար, մենք մեր անվստահութիւնը կը յայտնենք կառավարութեան ծրագիրին դէմ քուէարկելով»: «Օրինաց երկիր» խմբակցութիւնն ալ յայտարարեց, որ քուէարկութեան ձեռնպահ կը մնայ, իսկ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետականը սատարեցին կառավարութեան ծրագիրին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին