Շարունակելով ՀԲԸՄ՝ 110 եւ ՀԵԸ՝ 85 յոբելենական տարեդարձներու առիթով հրապարակային միջոցառումները, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային մարմինի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ աշխարհահռչակ «Խաչատուրեան Թրիօ» եռեակը ներկայացուց արուեստի եւ երաժշտութեան բացառիկ երեկոյ մը:
Հոծ բազմութիւն մը գրաւած էր սրահին աթոռները, որոնց մէջ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեաններ, Տիար Աւետիս Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, միութենականներ, արուեստասէրներ, կրթական մշակներ, մամլոյ եւ լսատեսողական աղբիւրներու ներկայացուցիչներ:
Յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային մարմինի Շահէ Պապահէքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շեշտելով միջազգային եւ հայրենական բեմերու վրայ «Խաչատուրեան Թրիօ»ի արձանագրած յաջողութիւնները, արժանացած մրցանակները: Այս ելոյթին կազմակերպման աջակցելուն համար Տիար Ասատուր Կիւզէլեանին շնորհակալութիւն յայտնելէ, ինչպէս նաեւ համառօտակի «Խաչատուրեան Թրիօ»ի ասպարէզի կարեւոր փուլերը յիշատակելէ ետք, Շահէ Պապահէքեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց «Խաչատուրեան Թրիօ»ի անդամները՝ Գայիանէ Գրիգորեանը՝ դաշնամուր, Կարէն Շահկալդեանը՝ ջութակ եւ Կարէն Քոչարեանը՝ թաւջութակ:
«Խաչատուրեան Թրիօ» ներկայացուց հայկական դասական երաժշտութեան եւ ժողովրդական երգերու ընտրանի մը. Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» տրամէն՝ «Վալս», «Մազուրքա եւ «Կալոբ», «Սուրերու պար», «Գայիանէ» պալէէն ՝ «Կարէնի եւ Նունէի պարը», «Օրօրոցային», «Նունէի պարը», «Սպարտակ» պալէէն՝ «Ատակիօ» եւ «Ֆրիկա», Առնօ Պապաճանեանէն՝ «Թրիօ», «Նոքթիւրն», Կոմիտասէն՝ «Վաղարշապատի պար», «Հապըրպան» եւ «Ալ Այլուղս» կտորներ:
«Խաչատուրեան Թրիօ»ն մատուցեց հայ դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան գոհարներ: Բարձրորակ կատարումները հմայեցին ներկաները, որոնք վայելեցին արուեստի անզուգական երեկոյի մը ներկայ գտնուելու բախտաւորութիւնը: Երկար ծափողջոյնները պերճախօս ապացոյց էին ազգային ակունքներէ բխող իսկական արուեստի հանդէպ լիբանանահայութեան ծարաւին: Համերգին իննսուն վայրկեանները անցան երազի մը նման:
Ելոյթի աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն, «Խաչատուրեան Թրիօ»ի անդամները պատուուեցան ծաղկեփունջերով: «Խաչատուրեան Թրիօ»ի անունով Գայիանէ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային մարմինի հրաւէրին եւ նախաձեռնութեան, յատկապէս՝ Պէյրութի մէջ իրենց կեցութեան ընթացքին միութեան յարկին տակ ցուցաբերուած սիրալիր եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
ՀԵԸ ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ