Ռամկավար Ազատական Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն: Այցելութեան նպատակը շնորհաւորել էր արժանաւոր Տիկ. Նախարարը իր պատասխանատու պաշտօնին վրայ վերանշանակումին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ միասնաբար քննարկել Սփիւռքն ու Հայրենիքը յուզող հարցերը:
ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը, կարեւոր համարեց վարչութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, նշեց վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատանքի արժանի աշխատանքը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, Արցախի, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպչական հարցեր, նախանշուեցան ընելիքները:
***
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը ՀՀ Մշակոյթի Նախարարին Մօտ
Նոյն օրը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Մշակոյթի նորանշանակ նախարար ԱրմԷն Ամիրեանի կողմէ:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց նորանշանական նախարարը, ապա միատեղ քննարկուեցան, ինչպէս կուսակցութեան գործնէութեան՝ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կատարած եւ յառաջիկային համար նախատեսուող ծրագիրները:
ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան