Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Երախտաւոր Ընկ. Վարդան Ուզունեանի Գօտեպնդող Այցելութիւնը «Միրաք»ին

Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման պատուոյ հիւրն էր ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթի Ատենադպիր, Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Խորհուրդի Նախագահ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Գանձապահ, Լոնտոնաբնակ Ընկ. Վարդան Ուզունեանը:

20161016_120120

Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝  Փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, Ատենադպիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, Ընկհ. Ժենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, Ընկ. Պարոյր Գույումճեանը, ինչպէս նաեւ Ընկ. Ճորճ Բարսեղեանն ու Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատ (Ռամկավար Ազատական) կուսակցութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանը:

20161016_115159

20161016_125329

Կեդրն. Վրչ. անդամ եւ «Միրաք»ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան ողջոյնի խօսքով հանդէս գալով, «Միրաք»ի անդամներուն ներկայացուց ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի կեանքէն ներս Ընկ. Վարդան Ուզունեանի երկարամեայ վաստակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջինիս, «Միրաք» շարժումին ամէն Կիրակի «Թէքէեան կեդրոն»ի երդիկին տակ հաւաքուելու ընձեռած հնարաւորութեան համար: Այնուհետեւ Ընկ. Ուզունեան խօսք առնելով, անդամներուն ներկայացուց ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթի եւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի կազմութեան պատմութիւնը եւ հայ մշակոյթի պահպանման ոլորտէն ներս անոր ծաւալած բեղուն աշխատանքը: Երիտասարդները իրենց փափաքներն ու  առաջարկները յայտնեցին Ընկ. Ուզունեանին, որոնք «Միրաք»ի վարչութեան կողմէ գալիք օրերուն պիտի քննարկուին: Ընկեր Ուզունեան այս առթիւ մեծապէս գնահատեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց «Միրաք» շարժումի գործունէութեան կապակցութեամբ, խոստանալով աջակցիլ անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ան մասնաւորապէս շեշտեց հայկական մշակոյթի դերը՝ սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւոր գործի նպաստման եւ այդ ուղղութեամբ սփիւռքի տարածքին Թէքէեան Միութիւններու տարած անգնահատելի աշխատանքին:

?????

Հանդիպման խօսք առին նաեւ Ընկերներ՝ Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանը, Սեւակ Յակոբեան, Պարոյր Գույումճեան եւ Բարդուղ Գալստեան, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ առանձնապէս շեշտեցին այն գաղափարը, որ անկախ պայմաններէն եւ կարելիութիւններու սահմանափակումէն, անհատը իր աշխատանքի եւ ձգտումի շնորհիւ անպայման կրնայ նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ արձանագրել:

20161016_124239

«Միրաք»ի անդամները մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց կողմէ իրենց հանդէպ եղած ուշադրութեան համար:

Նշենք, որ վերոյիշեալէն օր մը առաջ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթի խորհուրդի անդամ, Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ ՌԱԿ Լոնտոնի Շրջանային Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ Ընկ. Բագրատ Նազարեանի հետ:

1

Հանդիպամն ներկայ էր նաեւ Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատական (Ռամկավար Ազատական) Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանը: Հանդիպման մասնաւորապէս քննարկուեցաւ «Միրաք» շարժումի յառաջիկայ աշխատանքներու եւ Թէքէեան հիմնադրամի կողմէ շարժումին տրամադրուելիք աջակցութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին