Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Շավարշ Քոչարեան․«Թուրքիան Պէտք է Բանայ Հայաստանի Հետ Սահմանը Եւ Վերջ Դնէ Ազրպէյճանի Սադրիչ Եւ Ապակառուցողական Քայլերու Խրախուսումին»

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Շավարշ Քոչարեան՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը` Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութեան, ըսաւ «Թուրքիան պէտք է բանայ Հայաստանի հետ սահմանը եւ վերջ դնէ Ազրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական քայլերու խրախուսումին»: Հոկտեմբեր 14-ին Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ անդամ-երկիրներու նախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ յայտարարութիւնը աջակցութիւն յայտնած է Վիեննայի եւ Սուրբ Փետերսպուրկի համաձայնութիւններուն: Բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը պետք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի երեք հանրայայտ սկզբունքներու՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ»,- նշեց Քոչարեան: Անոր խօսքով «Թուրքիան իր բացահյայտ միակողմանի դիրքորոշմամբ տեղ չունի եւ պետք է հեռու պահուի Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացէն: «Միակ դրական ազդեցութիւնը, որ Անգարան կրնայ ունենալ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով՝ այն է, որ Թուրքիան բանայ Հայաստանի հետ սահմանը եւ վերջ դնէ Ազրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական քայլերու խրախուսման» ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին