Լիբանանահայութիւնը Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 6-ին, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու պալատին մէջ հանդիսաւորապէս նշեց ՀԲԸՄ-ի՝110 եւ ՀԵԸ-ի՝ 85 ամեակները: Յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենար Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի հովանավորութեամբ:
Նախքան գլխաւոր հանդիսութիւնը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի խմբաւորումներ, ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի եւ ՀԵԸ-ի մարզիկներու ներկայացուցչական խմբակներ, ՀԵԸ-ի փողերախումբին գլխաւորութեամբ` ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն տողանցեցին դէպի էմիլ Լահուտի համալիրը: Տողանցքին միաժամանակ մասնակցեցան հարիւաւոր միութենականներ:Սրահին առջեւ կը ծածանէին` Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները:
Շեփորախումբը եւ սկաուտական շարժումի անդամներ` թիթեռներ, արծուիկներ, գայլիկներ,արենուշներ,սկաուտներ,քառավելներ,երէցներ իրենց երիտասարդական շունչով ու եռանդով կը հաստատէին զոյգ միութիւններուն փայլուն ապագան:
Սրահի մուտքին ներկաները միութենական արխիւային նկարներու ընդմէջէն կը ծանօթանային տարբեր մարզերու մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի 85-ամեայ ունեցած գործունէութեան:
Ի ներկայութիւն ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուժանիւթի եւ ջուրի նախարար Արթիւր Նազարեանի, զբօսաշրջութեան նախարար Միշէլ Ֆարաոնի, պետական երեսփոխաններ Ժան Օղասապեանի, Յակոբ Բագրատունիի, մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի, Սեպուհ Գալփաքեանի, Սիմոն Ապու Ռամիայի,Ղասան Մուխայպէրի, ՄԱՀԱԵՄ-ի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, լիբանանեան բանակի, ընդհանուր եւ ներքին ապահովութեան ուժերու, հայ եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութեանց, քաղաքապետութեանց, բարեսիրական, մարզական,մշակութային,երիտասարդական,մամլոյ եւ լսատեսողական կառոյցներու նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու, սրահին հոծ բազմութիւնը յոտնկայս՝ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ (խմբավար Կարօ Կէօքէօզեան) ունկնդրեց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:
Քայլերգներու կատարումէն ետք, ՀԵԸ-ի փողերախումբը մատուցեց ազգային, հայրենասիրական նուագներ:
Օրուան հանդիսավար, հանրածանօթ լրագրող Ուատիյ ԱպտէլՆուր, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը պիտի շարունակէ ի նպաստ երիտասարդութեան իր բազմակողմանի ծառայութիւնները:
Մեծ պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ծնունդը, գործունէութիւնը խտացնող ժապաւէն մը, զոյգ կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան օրերէն, մարզական, մշակութային, երիտասարդական, սկաուտական նուաճումները, փառատօները եւ այլ գործունէութիւններ, հասնելով մեր օրերը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան(հայերէն եւ արաբերէն) փոխանցեց միութեան խօսքը: « Յոբելենական տարիները պահ մը կանգ առնելու, ժողովուրդին դառնալու, ժողովուրդը լսելու, անցեալի եւ երէկի գործունէութեան եւ վաղուան օրը ծրագրաւորելու առիթ են: ՀԲԸՄ-ը իր կոչումով, իր ծառայութիւններուն ու իրագործումներուն շնորհիւ դարձած է հայ միտքի եւ ոգիի սքանչելի կոթող, մեր ժողովուրդի յոյսի եւ հաւատի խորհրդանիշը» .ըսաւ ան, աւելցնելով, թէ ՀԵԸ-ը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի անբաժան մէկ մասնիկը: Վիգէն Չերչեան թուելէ ետք, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գործունէութիւնը, շեշտեց, թէ ՀԵԸ-ը իր մշակութային,մարզական,սկաուտական եւ հասարակական տարբեր միաւորներով կենդանի ներկայութիւն մըն է Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ: «Մեր կարգախօսը, ինչպէս երէկ, այսօր եւս պիտի ըլլայ հաւաքական աշխատանք, յանուն մեր հաւաքական յաջողութիւններուն: Համագործակցութեան ոգիով եւ միասնական ճիգերով պիտի հասնինք մեր նպատակներու եւ ծրագիրներու յաջողութեան: Ազգային գետնի վրայ համագործակցութիւնը եւ բոլորանուէր աշխատանքը նոյնպէս եղած է ու կը մնայ մեր համոզմունքը» շեշտեց ան:
Իր խօսքի աւարտին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանին (որ այս առիթով յատուկ ժամանած էր Լիբանան) եւ անդամներուն, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆենկճեանին եւ անդամներուն, գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք յայտնեց նաեւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի բոլոր գործադիր մարմիններուն, վարչութիւններուն, սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական ծառայութիւններու մէջ ներգրաւուած անդամ – անդամուհիներուն, պատասխանատուներուն, որոնք դժուար պայմաններու տակ կը շարունակեն միութենական սերունդներ դաստիարակել՝ հայ երիտասարդին փոխանցելով ազգային ինքնութիւն:
«Պիտի ապրինք՝ հաւատքով, պիտի գործենք՝ յոյսով, պիտի պայքարինք կամքով». իր խօսքը եզրափակեց Վիգէն Չերչեան:
Հայրենիքէն ժամանած աշխարհահռչակ «Խաչատուրեան Թրիօ»ն երկու ժողովրդային-դասական նուագներով հմայեց ներկաները:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Ճղըլեան(արաբերէն) իր խօսքը յատկապէս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երիտասարդութեան ուղղելով, մաղթեց հաւատքով եւ եռանդով շարունակել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի աշխատանքները, երիտասարդական նոր աւիւն եւ որակ տալով մեր փառապանծ միութեան: Ան շեշտեց, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը պիտի ընդունինք իբրեւ մեր սեփական տունը եւ ոչ մէկ զոհողութիւն պիտի խնայենք անոր յաջողութեան համար: Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երէց սերունդին, որոնց մէջ՝ իր հօր Կարօ Ճղըլեանին: «Աւանդութիւններու շարունակականութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի յաջորդող սերունդները եւս անցնին նուիրումի եւ դաստիարակութեան միեւնոյն դպրոցէն» շեշտեց Յակոբ Ճղըլեան եւ երիտասարդութեան կոչ ուղղեց չընկրկելու դժուարութիւններու առջեւ, ինքնավստահութեամբ եւ զոհողութեան պատրաստակամութեամբ ծառայելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ին, կառչած մնալ անոր ազգային առաքելութեան արմատներուն:
ՀԲԸՄ՝ 110 եւ ՀԵԸ՝ 85 –ամեակներու յոբելենական հանդիսութեան վարագոյրը իջաւ ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի կատարողութեամբ (գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեան) Նիննօ, Հայուհի, Զարթօնք խմբապարերով:
ՀԲԸՄ՝110 եւ ՀԵԸ՝85 ամեակներու յոբելենական հանդիսութիւնը զոյգ կազմակերպութիւններուն համար ազգային ծառայութեան ուխտը շարունակելու յանձնառութիւն մըն էր միաժամանակ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ