Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Արտօնագիր

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՈՂԼԵԱՆ*

  Պաշտօնական ամէն գործառնութիւն արտօնագիր պէտք է ունենայ.ամէն հա –ւաքականութիւն,  միութիւն, եւ այլն, արտօնագիրի դրութիւն ունին, ծնունդ, պսակ, թաղում՝ արտօնագիր: Երկրէ երկիր ճամբորդութիւն՝,օ՜, ինչեր եւ արտօնագիր : Աջ դարձիր՝ արտօնագիր, ձախ դարձիր՝ նոյնպէս .վերջապէս քիչ մը շարժիր՝արտօնագիր: Հսկողութեան ենթակայ է ամէն ոք: Անօրինականները ազատ են, կը խիզախին , լաւ գիտնալով թէ ո’ւր կը տանի իրենց ճամբան, կամ ո’ւր կրնայ տանիլ տրամաբանօրէն: Դատ դատավարութի՞ւն. իրաւո՞ւնք, անշուշտ գոյութիւն ունին. բայց վերջին հաշուով՝ իրաւունքը զօրաւորին է: Տեսէք կենդանական աշխարհը. մեծ ուսուցիչ է բնութիւնը. մարդկային հրթիռակոծումներու, աւերներու դէմ ունի հրաբուխ, երկրաշարժ ցունամի. առանց արտօնագիրի ի’նքն է որոշողը…

Իսկ…սա ֆէյսպուքի (facebook) արձանագրութիւններն ալ ունեցան, ինչե՜ր,  ինչե՜ր պիտի խնայուէին: Պիտի չկարդայինք Մեսրոպի տառերով թրքերէն հայհոյանք. էգի մը հայհոյանքը՝անգլերէնով. հայհոյանք մը՝ որ ինք գործադրելու համար կա’մ արուեստական միջոցի պէտք պիտի ունենայ, կամ պիտի մնայ բառային սահմաններու մէջ,երկու պարագային ալ վարկաբեկիչ: Գծանկարներ, երգիծանկարներ… ուֆֆ լաբիւրինդոս հոսքը կ’ընթանայ առանց արտօնագիրի:

Արտօնագիրներ ինքնաշարժներու տեսակներ վարելու, ծովէն, օդէն, ցամաքէն… ասոնք կը ստանանք պահանջուած պայմանները լրացնելով.ուրեմն՝ կախեալ ենք օրինաւորապէս:Օրէնք է:

Կախեալ ենք.կեանքն իսկ կախեալութիւն է ի բացառեալ լեզուէն, որու տէրը հաշուետու է նախ ինքն իրեն, երբ պարագան ֆէյսպուքի (facebook) հետ է. ի հարկէ այն էջին մէջ կ’ունենայ համամիտներ եւ հակադարձողներ, բայց գրուածը կը մնայ գամուած գրողի ճակատին:

Նկարներու մերկապարանոց, երբեմն գեղագիտական տեսանկիւնէ յաջող, բայց երբեմն ալ՝ գռեհիկ:

Այս ամէնը կ’անցնին առանց արտօնագիրի:

Եւ եկուր դիմացիր. մակարդակի հարց է, ու այդ ալ կախեալ է այլ ազդակներէ… ուրեմն փակէ պահ մը, հանդարտիր, ու նայիր “փայլուն կողմը” անկասկած թէ կայ.կարելի չէ նոյն ջուրով ամէնքը լուալ: Նոյն զէնքով կարելի է դրական մը տեսնել, ինչպէս նաեւ՝ ժխտական:

Մաղթենք լաւագոյնին:

Ամէն ոք ի’նքն է, որ ինքզինք կ’արժեւորէ:

“ Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է մարմինն ալ սանձել”:

                                                                                              Ընդհանրական Թուղթ
ՅԱԿՈԲՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ (9:2)

Արդեօք կա՞յ վկայագիր “կատարեալ մարդ” եղած ըլլալու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին