Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Փիթըր Պալաքեանին Յանձնուեցաւ «Փուլիցըր» Մրցանակը

ԱՄՆ Քոլոմպիոյ համալսարանին մէջ կայացած է «Փուլիցըր»-ի 100-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ծիրէն ներս համալսարանի նախագահ Լի Պոլինճըր մրցանակներ շնորհած է տարբեր անուանակարգերու մէջ յաղթողներուն:

Կը նշուի, որ յաղթողներուն անունները հրապարակուած էին դեռ Ապրիլին, սակայն յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է նոր:

Ինչպէս կը նշուի pulitzer.org կայքին մէջ, ամերիկահայ գրող Փիթըր Պալաքեան մրցանակի արժանացած է   բանաստեղծութեան անուանակարգին մէջ` «Օզոնի հանդէս» (Ozone Journal) բանաստեղծութիւններու շարքին համար, ուր  հեղինակը կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային:

«Փուլիցըր» մրցանակը (Pulitzer Prize) սահմանուած է 1903-ի Օգոստոսին: Անիկա կը համարուի ԱՄՆ-ի ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկը` գրականութեան, լրագրութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի բնագաւառներուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին