Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ցաւակցական Ուղերձ Յղած Է Եւ Յանձնարարականներ Տուած` Մոսկուա-Երեւան Ուղեւորուող Հանրակառքի Վթարին Հետ Կապուած

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ այսօր ցաւակցական ուղերձ  յղած է եւ  շարք մը յանձնարարականներ տուած ՀՀ պատկան մարմիններուն:

ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցական ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Խոր ցաւով տեղեկացայ անցած գիշեր Մոսկուայից Երեւան ժամանող աւտոբուսի վթարի մասին, որի հետեւանքով ունենք մարդկային կորուստներ եւ վիրաւորներ: Այս ծանր պահին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն եմ յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, հարազատներին եւ մերձաւորներին: Բոլոր վիրաւորներին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում»:

Դէպքէն կարճ ժամանակ անց պատկան մարմիններուն կողմէ ՀՀ Նախագահին զեկուցուած է, որ այսօր վաղ առաւօտեան 04.30-ին Պեսլան-Վլատիկաւկազ շրջանցային մայրուղիին վրայ տեղի  ունեցած է խոշոր վթար: Բախուած են Մոսկուա-Երեւան երթուղիի  հանրակառքն ու բեռնատարը: Նախնական տուեալներով վթարի հետեւանքով զոհուած է 5, վիրաւորուած` 27 մարդ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ յանձնարարուած է ՀՀ կառավարութեան եւ ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան` հրատապ միջոցներ ձեռնարկել տուժածներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ ծաւալով բժշկական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով: Միաժամանակ յանձնարարուած է միջոցներ ձեռնարկել զոհուածներու եւ տուժածներու ընտանիքիներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

ՀՀ իրաւասու մարմիններուն յանձնարարուած է կարճ ժամկէտներու մէջ, ՌԴ իրաւապահ մարմիններուն հետ համագործակցելով, բացայայտել վթարին առնչուող հանգամանքները եւ պատճառները, ներկայացնել համապարփակ տեղեկատուութիւն:

Նախագահին զեկուցուած է նաեւ, որ Ռոստովի եւ Ռուսաստանի հարաւային շրջանի  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը արդէն կը գտնուի դէպքի վայրին մէջ եւ Ռուսաստանի համապատասխան մարմիններուն հետ համագործակցութեամբ կը զբաղի առաջին օգնութեան ցուցաբերման հարցերով»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին