Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հայ Գրատպութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս` Չեխիոյ Ազգային Գրադարանին Մէջ

Հոկտեմբեր 12-ին Չեխիոյ ազգային գրադարանին մէջ բացուած է «Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» խորագիրով ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 եւ Ամսթերտամի մէջ տպագրուած Ոսկան Երեւանցիի առաջին հայալեզու Աստուածաշունչի 350-ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Ցուցահանդէսը բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է մօտ 75 ցուցանմուշ` հայ հնատիպ գիրքերու եզակի նմուշներ, ժամանակակից չեխական գրականութեան նմուշներու հայերէն տպագրութիւններ, հայ գրողներու գործերը չեխերէն թարգմանութեամբ: Պիտի կայանայ համատեղ հրատարակուած ցուցահանդէսի ծաւալուն պատկերագիրքին շնորհանդէսը:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 25 եւ պիտի եզրափակուի Գարլի համալսարանի լարային նուագախումբին համերգով (խմբավար` Հայկ Ութիճեան): Ծրագիրով պիտի հնչեն Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները` Զարէ Սահակեանցի մշակումով: Ցուցահանդէսին զուգահեռ պիտի իրականացուին դասախօսութիւններ տարբեր թեմաներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին