Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի Համալսարաններ Կը Յաճախեն 550 Սփիւռքահայ եւ 420 Օտար Ուսանողներ

Հայաստանի համալսարաններուն մէջ Հոկտեմբեր 1-էն ուսուﬓառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ ՀՀ միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած են 70 սփիւռքահայեր:

Վրաստանէն Հայաստանի համալսարաններ դիմած են 23 ուսանողներ, Ռուսիայէն` 170, Իրանէն` 190, Հնդկաստանէն` 220 եւ Սուրիայէն` 90: Կան ուսանողներ նաեւ Պրազիլէն, Իրաքէն, Չինաստանէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Իսրայէլէն, ԱՄՆ-էն, Տաճիկստանէն, Թուրքﬔնիստանէն, Ուրուկուայէն, Շուէտէն, Ռուանիայէն, Ուքրանիայէն, Թուրքիայէն:

Թուրքիայէն ժամանած 4 դիմորդները հայեր են` ՀՀ քաղաքացիներու զաւակներ: Վարչութեան պետին հաւաստիացումով` նախորդ երկու տարուան հաﬔմատութեամբ՝ դիմորդներուն քանակը էապէս չէ աճած կամ նուազած: «Մենք հակուած ենք աւելի ակտիւ քայլեր ձեռնարկել քարոզչական աշխատանքների ուղղութեամբ` համագործակցելով միջնորդ կազմակերպութիւնների հետ, ինչն էլ կը նպաստի Հայաստանի բուհերի նկատմամբ հետաքրքրութեան բարձրացմանը»,-ընդգծած է Արթուր Ղազարեան:

ԱՊՀ երկիրներէն Հայաստանի մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակողներէն շատերը յաճախ կը հաստատուին Հայաստան, այստեղ շարունակելով իրենց գործունէութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին