Թուրքիոյ Հայ փոքրամասնութեան միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն տեղեկացուցած է, որ թուրք գանձախոյզներու նոր թիրախ դարձած է Բիթլիս նահանգի Մուտքի շրջանի Քովանլը գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին եւ յարակից հայկական գերեզմանները:
Ինչպէս կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Timeturk» լրատուամիջոցը, Տաղճըն ըսած է, որ եկեղեցւոյ մօտ եւ գերեզմաններուն մէջ մինչեւ 3 մեթր խորութեամբ փոսեր փորուած են: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախապէս նման դէպք պատահած էր նաեւ Սասունի եւ Մուշի որոշ տարածքներու մէջ: Այդ ժամանակ «Հայ փոքրամասնութեան միութիւն»-ը դիմած էր դատախազութեան:
Ըստ Տաղճըի` գանձախոյզները թիրախ դարձուցած են Բիթլիսի եւ անոր շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան պատկանող եկեղեցին եւ գերեզմանները: Անոնք փորձած են, ոսկի կամ պատմական արժէքաւոր գտածոներ յայտնաբերել: Տաղճըն պատկան մարմիններուն կոչ ըրած է ձեռրնարկելու համապատասան միջոցներ` կասեցնելու եւ կանխելու նմանատիպ վայրագութիւնը: