Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հոգեհարազատ Հիւրեր «Միրաքի» Մօտ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի կայացաւ «Միրաք»ի հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը, ուր հիւրաբար ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյէն Ընկ. Հրայր Գաֆէսեան եւ Տիթրոյթէն ծանօթ պարասոյց Ընկ. Գառնիկ Գազէզեանը եւ իր տիկինը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան դպրոցի նախկին տնօրէնուհի ընկհ.Մանիա Գաֆէսեան- Գազէզեանը:

IMG-20161009-WA0005

«Միրաք»ի պատանի-ուսանողները հիւրերուն հետ կիսուեցան իրենց ապագայ ծրագիրները, մասնագիտական հակումները եւ տարբեր նիւթեր:

Ընկ. Գառնիկ Գազէզեան «Միրաք»ի անդամներուն ներկայացուց պարարուեստի մէջ ունեցած իր գործունէութիւնը, ուսանողութեան տարիներէն սկսած, շեշտելով, որ իր հետաքրքրութեան կեդրոնը միշտ եղած է հայկական ժողովրդական պարը եւ զբաղուած է անոր դասաւանդմամբ՝ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ:

Ընկ. Հրայր Գաֆէսեան, որ փոքր տարիքէն աշխատած էր ԹՄՄ-ի  մէջ, իր դերը ունեալով համալսարաական երիտասարդաց խումբի կազմակերպման մէջ, շեշտեց, որ «Հպարտ առիթ է մեզի համար ձեր հաւաքը տեսնելը, որովհետեւ մեր քով այս մէկը իրականացնելը շատ դժուար է»:

«Միրաք»ի պատանիները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի կենաքին մէջ հիւրերուն ունեցած գործունէութեան ու յուշերու մասին եւ գօտեպնդուեցան անոնց  նոյն ուղիով քալելու: Ընկ Գառնիկի խօսքը՝ «Լաւ ծառայելու համար հայ անհատը պէտք է գաղափարական հիմք ունենայ» եւ թէ՝ գաղափարական երդումը հիմք հանդիսացած էր իր աւելի լաւ աշխատելու պարտաւորութեան զգացումին՝  «Միրաք»ի ուսանողներուն մէջ ամրապնդուեցաւ սեփական կեանքը՝ հաւաքական կեանքին կապելու իմաստալից եւ կենսունակ գաղափարը:

Վերջապէս հիւրերը յորդորեցին «Միրաք»ականներուն մնալ Թէքէեանի շուքին տակ, ուռճանալ, որպէսզի ապագային համալրեն ՌԱԿ-ի շարքերը: Անոնք նաեւ խանդավառուելով պատանի-ուսանողներու խումբի գործունէութենէն, նիւթական նուիրատուութիւն մը կատարեցին եւ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին իրենց գաղութէն ներս հիւրընկալելու «Միրաք»ը:

received_10157770546315105

Հաւաքին ներկայ գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեան եւ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրերուն՝ իրենց ոգեւորիչ այցելութեան համար:

Կիրակնօրեայ հաւաքի աւարտին, «Միրաք»ի վարչութիւնը իր անդամներուն հիւրասիրութիւն մը ըրաւ երեւանեան սրճարաններէն մէկուն մէջ, որու ընթացքին քննարկուեցաւ յառաջիկայ Կիրակի օրուան ծրագիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին