Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Նալպանտեանի յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Ողջունում ենք Ֆրանսիայի Սենատի կողմից դեռ ամրանը Ազգային ժողովում հաստատուած` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի ընդունումը:
«Այս քայլով Ֆրանսիան կրկին անգամ վերահաստատում է իր արժէքաւոր դերակատարումը անցեալում իրականացուած ցեղասպանութիւնների դատապարտման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ` մարդկութեան դէմ հնարաւոր նոր ոճիրների կանխարգելման գործում»:
Աւելի առաջ յայտնած էինք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 14-ին ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը. «Քաղաքացիութիւն եւ ազատութիւն» օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին կողմ քուէարկած է 156, դէմ` 146 պատգամաւոր: