Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Վերականգնում»

*Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

-Ծօ, ի՞նչ ըրեր ես անօթը:

– Շինեցի հայրիկ, – կը պատասխանէ փոքրիկ Փանջունի միամիտ յամոզումով մը:

-Ծօ ինչ շինել, կոտրեր ես, շան զաւակ:

-Չէ, հայրիկ, շինեցի,- կը պնդէ տղան:

Կենսագրական նօթեր Ընկ. Բ. Փանջունիի մասին

 

Երեւի լեզուական հարց մը ունիմ … սա «վերականգնում» բառը վերջին անցուդարձի  լոյսին տակ կը դժուարանամ հասկնալ …

«Վերա» արմատը այդ բառակաբակցութեան մէջ, կ՝օգտագործուի համակարգի մը մէջ գործընթաց մը նկարագրելու, ուր՝ ինչ որ խոչընդոտի մը պատճառով, այդ համակարգը չ՝աշխատիր, վատ կ՝աշխատի կամ խանգարուած է:

Արդէն իսկ աշխատող ինքնաշարժի մը «վերականգնում» ընելը անիմաստ է, սակայն երբ այդ ինքնաշարժը հարց մը ունի, որուն պատճառով սկսած է թերի աշխատիլ, ապա այդ պատճառը վերացնելը, այդ մասը փոխելը «վերականգնում» կը դիտուի:

Նոյն տրամաբանությամբ, մարմին մը երբ հիւանդ է գործարանի մը թուլութեան կամ ախտահարման պատճառով, ապա այդ մասը  բուժելը կամ անբուժելի ըլլալու պարագային մասնահատելը «վերականգնում» կարելի է համարել:

Նմանապէս, քաղաքական համակարգ մը որ չի գործեր, կամ թոյլ կը գործէ, «վերականգնելու» համար անհրաժեշտ է անոր մէջէն հեռացնել, կամ գոնէ գործելէ արգիլել անազնիւ, գող, փճացած եւ այլ բացասական վարքի տէր մարդոց:

ՌԱԿ  «վերականգնման» շարժումը ողջունելի եւ խրախուսելի է, եթէ իր անդամներէն իր գործունէութիւնը խանգարողները մաքրելու գործընթաց մըն է, ինքնամաքրման միջոցով կուսակցութեան գործունէութիւնը վերականգնելու առաջադէմ գաղափար մը, որ կը միտի ազգային հարստութիւնները յափշտակող՝ դպրոց ու թերթ վաճառող ու հաշուտուութենէն խուսափող անդամներուն մեկուսացնել, համակարգէն հեռացնել: Աւելին. եթէ վիրաբուժական միջամտութիւնը մեծ ցնցում մը կրնայ առաջացնել, ապա կարելի է դեղորայքային բուժման դիմել՝  տարիքը առած, ոչ մէկ նորութիւն մը տալու ատակ, իր զառանցանքով համակարգը խաթարող անազնիւ մարդոց, պատւոյ շքանշանով մը շնորհակալութիւն յայտնել ու յաջողութիւն մաղթել (մանաւանդ որ այդպիսիք, փայլուն կոճակներ կլլել կը սիրեն):  Եթէ «վերա» արմատը այդ բառակապակցութեան մէջ ճիշդ ձեւով չիմաստաւորուի, ապա տեղը անյարմար գտնելով կը փախի եւ հոն կը մնայ (կանգնում) բառը մինակ … :

Փանջունին փոքր հասակին, կոտրել եւ շինել բառերը (իր ձեւով) հասկնալու պատճառով, ծաղկամանը գետին զարնելով կը յայտարարէր թէ (ես ծաղկամանը շինեցի): Որոշ ընկերներ նոյն տրամաբանութեամբ կուսակցութիւնը (կը շինեն). Եթէ աւազակախումբ մը իր չափանիշներով պիտի վերականգնէ կուսակցութիւնը, ապա հասկնալի է թէ ի՜նչ տեսք կրնայ ան ունենալ մօտ ապագային … դեռ որքա՜ն դպրոցներ ու թերթեր ունինք վաճառելիք…

Այս տողերը գրելու ընթացքին, ՌԱԿ 95 ամեակի օփերայի փառաւոր տօնակատարութիւնը դարձեալ կը դիտեմ համացանցի վրայ: Հիացմունքով կը հետեւիմ ու կը մտածեմ. արդեօք այս հանդիսութեան հաշիւը նորօք վաճառեալ Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան դպրոցի քանի՞ գրասեղանի գինով փակած են զայն կազմակերպող կուսակցութեան մերօրեայ «Վերականգնողները» …

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին