Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարեշրջանին կը սկսի գործադրել աշակերտներու գիտական զարգացման ծրագիր մը, հանրայայտ The Little Engineer կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:
Սոյն ծրագիրին մասնակից աշակերտները պիտի սորվին օգտագործել արհեստագիտական նորագոյն միջոցներ եւ անոնցմով պիտի պատրաստեն տարբեր արտադրութիւններ: Անոնք պիտի կազմեն մարդամեքենաներ (robotic), պիտի կատարեն եռաչափ տպագրութիւն (3D printing), պիտի սորվին համակարգչային ծրագրաւորման լեզուներ (Coding) եւ պիտի իրականացնեն զանազան այլ գիտափորձեր՝ ուսողութեան, ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, ելեկտրոնաբանութեան եւ այլ ուղղութիւններու:
Ծրագիրը առայժմ ներառնուած է Մեսրոպեանի շաբաթավերջի արտադասարանային աշխատանքներուն մէջ, որոնց աշակերտները կրնան մասնակցիլ տարիքային չորս տարբեր խումբերու մէջ՝ 6էն մինչեւ 18 տարեկան: Հետագային նախատեսուած է վարժարանին մէջ հաստատել աշակերտական առանձին ակումբ մը, որուն անդամները պիտի հետեւին դասընթացքներու՝ The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտներու հսկողութեան տակ: Նոյնպէս նախատեսուած է գիտելիքներու կարեւորագոյն բաղադրամասերը ներառնել կրթական ընդհանուր ծրագիրին մէջ:
10 Հոկտեմբեր 2016-ին, The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունենալով աշակերտներուն հետ, անոնց ներկայացուցին այն տարբեր աշխատանքները, որոնք պիտի կատարուին նշեալ ծրագիրով: Արտադասարանային միւս աշխատանքներուն պէս, The Little Engineer-ի դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթավերջին:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի