Հոկտեմբեր 8-ին Վրաստանի Մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, որուն արդիւնքով պէտք է ձեւաւորուի նոր կառավարութիւնը: Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներուն համաձայն` խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած են 1.814.276 ընտրողներ, որոնք կը կազմեն ընտրութեան ձայնի իրաւունք ունեցող (3.513.884 քաղաքացի) երկրի քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւի 51.63%-ը, կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net-ը:
Հայաբնակ Ջաւախքի մէջ ընտրողներուն մասնակցած է 50.45%-ը: Այդ կերպով Ախալքալաք-Նինոծմինդա նորաստեղծ ընտրատեղամասին մէջ արձանագրուած 51.843 քաղաքացիներէն ընտրութիւններուն ներկայացած են 26.153 մարդիկ:
Նախնական տուեալներուն համաձայն` Ախալքալաք-Նինոծմինդա ընտրական շրջանին մէջ ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած է «Վրացական երազանք» կուսակցութեան մեծամասնական թեկնածու Հենզել Մկոյեանը: Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներուն համաձայն` Մկոյեանի օգտին քուէարկած են ընտրութիւններուն մասնակցած 15 731 մարդիկ (63,42%):
Վրաստանի հայկական համայնքը տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ դժուար չէ հաշուել` Վրաստանի Իններորդ համագումարի Խորհրդարանին մէջ «Ջաւախքի ներկայացուցիչ»-ին ճակատագիրը որոշած է Ջաւախքի ընտրողներուն ընդհանուր քանակի մօտաւորապէս 31-32%-ը: Շրջանի ընտրողներուն 68-69%-ը մտածելու տեղ ունի:
Ինչ կը վերաբերի այլ պաշտօնական տուեալներուն` թէեւ ամբողջ երկրին մէջ ընտրութիւնները դեռ չեն աւարտած (շատ մեծամասնական շրջաններու մէջ քուէարկութեան երկրորդ փուլի իրականացման անհրաժեշտութիւն կայ), Իններորդ համագումարի Խորհրդարանի հայ պատգամաւորներուն հարցը արդէն պարզ է: 2016-2020 թուականներուն Վրաստանի Խորհրդարանին մէջ կ’աշխատին ազգութեամբ հայ 3 պատգամաւորներ: Երեքն ալ կը ներկայացնեն «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը` Հենզել Մկոյեանը, Սամուէլ Մանուկեանը եւ Ռուսլան Պօղոսեանը: