Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սթամպուլի Պահպանուած Ամենահին Տունը Գաւաֆեան Գերդաստանին Պատկանած է. Թրքական Կայքին Անդրադարձը

Թուրքական Biristanbulhayali.com կայքը անդրադարձած է Սթամպուլի մէջ կանգուն մնացած ամենահին հիւրատան մասին, որ, ինչպէս կը նշէ սիւնակագիր Ռամազան Պետիւքը, պատկանած է Գաւաֆեան գերդաստանին:

Պետիւքը այդպէս ալ չի խօսիր Գաւաֆեան ազգանուան հայկական ըլլալուն մասին, նիւթին մէջ ներկայացուած են հիւրատան կառուցման վերաբերեալ տարբեր վարկածներ, որոնցմէ մէկուն մէջ միայն հեղինակը խոստովանած է, որ «շատ հնարաւոր է` հիւրատունը կառուցած ըլլայ հայ ճարտարապետ մը», կը գրէ Tert.am-ը:

Ներկայիս Սթամպուլի ամենաշքեղ թաղամասերէն Պեպեքի մէջ գտնուող հնագոյն հիւրատունը արդեն 264 տարեկան է: Անիկա ժամանակակից Սթամպուլի մէջ պահպանուած ամենահին տունն է:

1954 թուականին տան մասին թուրք ճարտարապետ Սետաթ Հաքքը Էլտեմը իր անդրադարձին մէջ ըսած է, որ Գաւաֆեաններու հիւրատունը «թրքական տան ճարտարապետութեան պահպանուած եւ չաղաւաղուած օրինակ» է:

Որոշ պատմաբաններ անիկա կը համարեն հին յունական տուն, որ յետագային անցած է հայ ընտանիքին ձեռքը ու վերանուանուած իբրեւ «Գաւաֆեաններու հիւրատուն», իսկ ոմանք ալ կը խոստովանին, որ հիւրատունը կառուցուած է ծագումով Երզնկայէն հայ վարպետի մը կողմէ:

Տան վերջին բնակիչները եղած են Սամուէլ եւ Պէաթրիս Գաւաֆեանները, որոնք մինչեւ 1998 թուական իրենց իսկ տան մէջ իբրեւ վարձակալ ապրած են , որովհետեւ 1980 թուականին թրքական պետութիւնը սեփականաշնորհեց հայ ընտանիքին ունեցուածքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին