Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս հայ համայնքապետներուն, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին եւ Հիւպատոսութեան կցորդին, հոգեւոր հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ ազգային, միութենական, յարանուանական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերու եւ աշակերտութեան ներկայութեամբ նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Նախ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան։
Այնուհետեւ զանազան վարժարաններու աշակերտութեան մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Այնուհետեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ձեռամբ, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ պատւոյ գիրով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններու կրթական մշակներ եւ վարչական ծառայողներ։