Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Եզրակացութիւն

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

   Երբեմն սիրտն է որ կը խօսի, երբեմն՝ կիրքը․ հոն այլեւս առարկայական դատողութիւնը տեղի կու տայ անհամեմատ դատումներու, պահանջքներու եւ ձեւով մը կը յիշես Դ․ Տէմիրճեանի «Հայուն չափը չափազանցն է» խօսքը։ Այդպէս է, իսկ անոր պատճառն ալ անիրական, անիրատես, եւ օդի մէջ՝ աւելի քան հողի վրայ կոխած ըլլալնիս է, կամ  ինչպէս մանուկներ՝ անկարելի երազին հասնիլ գէթ երազանքով, ձեւով մը ներքին գոհացում ստանալու, հաւասարակշռելով  իրականութիւնը երազանքով ինչ որ յետագայ բարդութիւններու պիտի առաջնորդէ։ Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ որ միակողմանիութիւն կ’ըսուի։

Ֆէյսպուքէն (facebook) տեսայ նկար մը, զոր կ’ուզեմ յայտնել … Երկու հոգի դէմ դիմաց իրարմէ քիչ հեռու, մէջտեղը՝ թուանշան մը, որ մէկուն կողմէ  6-թիւը, իսկ միւսին՝ 9 ցոյց կու տայ ու գրութիւնը թէ՝ «քանի որ դուն ճիշդ ես, այդ չի նշանակեր որ ես սխալ եմ»։ Ի հարկ է երկուքն ալ ճիշդ են իրենց դիտանկիւնէն, ուրեմն՝ հարցը դիտանկիւնն է։ Ես ալ գրեցի․- «Այս երկու անձերը քառակուսի գլուխ են, եթէ երկիր մոլորակի նման կլոր կողմ ունի, կամ երեք, կամ աւելի, պէտք է ըստ այնմ դիտել, քննել, դատել եւ գնահատել, որպէսզի ամբողջական ըլլայ եզրակացութիւնը։

Սոյն գրութեան տուն տուող պատճառը՝ Յարութ Սասունեանի մէկ յօդուածն է «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԽԱՌՆՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ»։ Նիւթը Հայաստանի ներքին իրավիճակն է։ Բաւական ամբողջական, որոնց համար բարեփոխումներու պահանջքն է․- «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» եւ այլեւս դժգոհներու կծիկը կը քակուի, սակայն որքա՛ն ալ իրատես ըլլան բարեփոխումներու պահանջքները, յօդուածագիրը (Յ․Ս․) կը գրէ․-

«ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՈՂ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԷՆ ՈՉ ԲՈԼՈՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԵՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»։ Եւ այլ կարեւոր միտքեր, եզրակացնելով՝ «Ի ՎԵՐՋՈՅ ԲՆԱՒ ԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ՉԷ, ԹԷ ՈՎ, ՈՒՐ, ՈՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽԱՌՆՈՒԻ, ՊԱՅՄԱՆԱՒ ՈՐ  ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ  ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԷ  ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ»։

Հայաստան, Հայ ժողովուրդ, հայրենի պետութիւն․․․եւ Անկախութիւն։ Նայինք պատմութեան, ի՞նչ կը տեսնենք, ի՛նչ էր մեր ապրած կեանքը դարերէ ի վեր, ո՞ւր կրնայինք ըլլալ եւ ո՛ւր ենք այսօր․- ո՞վ պիտի բարեփոխէ, երբ հարիւր տարի առաջ Յ․ Թումանեան ախտաճանաչումով կ’ըսէ․- «Ներսից ենք փճացած»։ Այսինքն՝ դարերէ ժառանգուած։

Մեր բաղդատութիւններու մէջ կ’երթանք Մ․ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպա եւ այլ եւրոպական երկիրներ, որոնք ունին ե՛ւ պատմական, ե՛ւ ներկայ անչափելի գերակայութիւն ամէ՛ն մարզի մէջ․․․եւ՝

Ո՞վ, ո՞ւրկէ ի՛նչ կը պահանջէ- (Արտասահման)

Ո՞վ, ո՞ւր ի՛նչ կը մտածէ․․․ (Հայաստան)

Եւ  որպէսզի Ներսէն մաքրուինք․․․

Բազմիցս գրուած է այս մասին , սական խօսքերը կը նուագեն վերի «ՏՈ», իսկ գործերը՝ Վարի «տո»․․․

Կրկնութեան արժանի միտք․․․

«ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ  ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ Է  ՀԱՄԱՅՆ  ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ»։ (Յ․Ս․)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին