Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Վրոցլավը Տօնեց Հայաստանի 25 Ամեայ Վերանկախացումը

*Դոկտ.  ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ*

Լեհաստանի հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլավ քաղաքը իր մշակութային բազմազանութեամբ հանրահռչակ է իբրեւ երկրորդ Լվով, իսկ իր բնական գեղեցկութեամբ ու զատորոշութեամբ ճանչուած է իբրեւ հիւսիսային Եւրոպայի Վենետիկը ու նշանաւոր է իր աւելի քան 115 կամուրջներով, որոնք դարերու ընթացքին կառուցուած են Օտեր նշանաւոր գետին վրայ: Վրոցլավը այս տարի կը յատկանշուի նոյնպէս բազմազան յայտագիրներով ու միջեւրոպական բազմամշակութային ձեռնակներով, այս տարի` 2016 թուականին կը տօնախմբէ իր պատուաբեր անուանումը՝ իբրեւ Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք: Վրոցլավ քաղաքի կեդրոնի նշանաւոր պողոտաներէն մէկուն վրայ հայկական նախաձեռնութեամբ ու քաղաքի տեղւոյն տարածաշրջանային իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ եւ Վրոցլավի Տոմինիքեան վանական միաբանութեան  արտօնութեամբ 21 Սեպտեմբեր 2012 թուականէն ի վեր կանգնած է հայկական խաչքարը, եւ դարձեալ Տոմինիքեաններու բարիացակամութեան շնորհիւ հայկական խաչքարը շրջապատող պուրակը պաշտօնական հանդիսութեամբ 29 Սեպտեմբեր 2015 թուին կոչուեցաւ Հայկական պուրակ: Հայկական պուրակի կողքին Տոմինիքեաններու եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Վրոցլավի Համալսարանի դասախօս Փրոֆեսոր Արա Սայեղի եւ Հայ-Լեհական կապերու զարգացման կեդրոնի նախագահ Կարէն Շահումեանի նախաձեռնութեամբ շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016 թուի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 25 ամեակի նուիրուած յատուկ միջոցառումը՝ ներկայութեամբ Լեհաստանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Էտկար Ղազարեանի եւ հիւպատոս Տիգրան Վարդանեանի, ներկայ էին աւելի քան հարիւր ներկաներ, հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին` պետական, տեղւոյն  ազգային փոքրամասնութիւններու անձնաւորութիւններ, Վրոցլավի եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած  հայորդիներ, ծագումով հայեր, հայ մշակոթով հետաքրքրուած լեհ բարեկամներ: Զոյգ ազգային քայլերգներէն ետք, նախաձեռնողներու կողմէ ներկայացուեցան ձեռնարկի բացման հայերէն ու լեհերէն խօսքերը, հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպանը, Վրոցլավի քաղաքապետարանի արտասահմանի հետ համագործակցութեան բաժիվիրաբոյժնի փոխնախագահ Սեպաստիան Լորեցը, Փրոֆ. Պօկուսուավ Բաժիան, ծագումով հայ վիրաբոյժ Ատամ Տոմանաշէվիչը, Տոմինիքեան հայր Մարէք Միուավիէցքին, գեղարուեստական կատարումներով մասնակցեցան օփերէթային ուզպէքահայ երգչուհի` Իննա Կամարեանը, նուագով՝ Գէորգ եւ Արամ Սայեղները, Աննա Փշիդուլեցկան, պարով՝ Մանէ Շահումեանը, օրուայ յայտագիրը վարեց Լիլիթ Լոգեանը, ներկայացուեցան Հայաստանի մասին կարճ տեսաերիզներ, հայկական երաժշտութիւն, յայտագիրի աւարտին ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները համտեսեցին հայկական գինին եւ հայ ու ծագումով հայ տիկիններու կողմէ պատրաստուած համեղաճաշակ քաղցրեղէնները, պէտք է յիշել որ այս առիթով ու ձեռնարկէն առաջ, ՀՀ դեսպանը, միջոցառումի նախաձեռնողները եւ ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղեցին հայկական պուրակի խաչքարին առջեւ:

25 տա­րի առաջ Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ինք­նո­րոշ­ման իրաւուն­քին վե­րա­տի­րա­ցաւ ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու վե­րա­կանգ­նումի նոր հանգր­ուան մը թեւա­կո­խեց: Հա­յաս­տա­նի մի­ա­ցաւ Ար­ցա­խը ու եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու հզօ­րաց­ման առանց­քին շուրջ հա­մախմբ­ուե­ցաւ հա­մայն հա­յու­թիւնը: Բնա­կա­նա­բար 25 տար­ուայ երիտա­սարդ մեր հայ­րե­նի­քը տա­կա­ւին քայ­լեր ու­նի նուա­ճե­լու` դառ­նա­լու տն­տե­սա­պէս հեղինակաւոր աւե­լի հզօ՛ր եւ ազ­դե­ցի՛կ : Հպար­տա­նանք մեր հայրենիքի 25 ամեակով, ցանկալով նորանոր ամեակներ վերելք ու հզօրացում մեր պաշտելի հայրենիքին, աջակցինք անոր ամրապնդումին սատարող քարոզչական, հաստատակառոյց ու գործնական ծրագիրներուն, հա­ւա­տանք մեր ազգային ու­ժե­րուն ու հա­ւատ­քով նուիր­ուինք Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան առաջընթացին բարենպաստ բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ յիշելով որ անկախ Հայրենիքը հզօրացման մեր երաշխիքն  է:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին