Սարգսեան ընդունեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: «Անշուշտ, հաճելի է բարեկամներու հետ նշել Երեւանի տարեդարձը: Մենք երախտապարտ ենք եւ մշտապէս կը յիշենք ու կը փայփայենք բոլոր այն մարդոց անունները, որոնք անմասն չեն թէ՛ մեր ցաւին, թէ՛ մեր ուրախութեանը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան, խօսքը ուղղելով Փարիզի քաղաքապետին:
Հանրապետության Նախագահը գոհունակութեամբ փաստեց, որ հայ-ֆրանսական բազմադարեայ սերտ կապերը նոր որակ ու բովանդակութիւն ստացած են Հայաստանի անկախացումէն ետք եւ այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնորոշուին որպէս իւրայատուկ: Իտալկօ եւ Սարգսյան համակարծիք եղան, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման ու զարգացման գործին մէջ անուրանալի աւանդ ունի ֆրանսահայ համայնքը, որուն մէկ ստուար հատուածը կը բնակի Փարիզի մէջ: Սարգսեան նաեւ մեծապէս կարեւորեց Ֆրանսայի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի, ներգրաուածութիւնը եւ Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի անձնական ներդրումը` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանդեանը, Փարիզի քաղաքապետը ընդունած ատեն ըսաւ, «Ձեր անկեղծ նուիրուածութիւնը հայ-ֆրանսական բարեկամութեան դրսեւորուեցաւ մշտապէս ձեր գործունէութեան ամբողջ ճանապարհին եւ հաճելի է, որ այդ ճանապարհի մէկ մասը մենք անցուցած ենք միասին։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ-ֆրանսական իւրայատուկ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ երկու երկիրներու միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան։ Նալպանտեան նաեւ Իտալկոյին յանձնեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատուոյ մետալը` Հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու եւ Երեւանի ու Փարիզի միջեւ համագործակցության ամրապնդման գործին մէջ անոր ունեցած կարեւոր աւանդին համար: