Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ կը քննարկուի յաջորդ շաբաթ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ տեղեկացուցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Նախնական տուեալներով` նախատեսուած է Հոկտեմբեր 11 կամ 12: Օրէնքին նախագիծը բաւական ծաւալուն է, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը քննարկուի յաջորդ շաբթուան սկիզբը»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթին վերաբերեալ պատգամաւորներու տրամադրուածութեան` Մուրատ Փափազեան նշած է, որ միանշանակ դժուար է ըսել:
«Ամէն պարագայի պատգամաւորներու հետ կը տարուի հետեւողական աշխատանք, կ՝ակնկալենք յաջող ընթացք»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան: Ան յոյս յայտնած է, որ Ծերակոյտին կողմէ պիտի ընդունուի նախագիծին այն տարբերակը, որ անցած էր Ազգային ժողովին կողմէ անցնող Յունիսին:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` ազգային ժողովի պատգամաւորները, Յուլիսին միաձայն կողմ քուէարկած են «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որմով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դեմ գործած բոլոր յանցագործութիւնները, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ հերքելու համար:






