Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացման համար Պետդումա ուղարկած է Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը` Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգեր ստեղծելու մասին, կը հաղորդէ panorama.am-ը:
«Ռիա Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ, համաձայնագիրը կը կնքուի 5 տարի ժամկէտով, եւս 5 տարով երկարաձգելու հնարաւորութեամբ:
«Հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածաշրջանային համակարգերու հիմնական խնդիրներն են Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան մարտական հերթապահութեան կազմակերպումն ու իրականացումը, զինուժի ու ռազմական սարքերու մշտական պատրաստուածութիւն»,-ըսուած է համաձայանգիրին մէջ:
Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները խաղաղ ժամանակ կը կազմակերպեն համակարգերու համատեղ օգտագործում, համատեղ մարտական հերթապահութիւն, ինչպէս նաեւ կողմերու զինուած ուժերու համատեղ գործնական ու մարտական պատրաստուածութիւն:
Պետդումայի մէջ փաստաթուղթը կը ներկայացնէ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոլայ Փանքովը: