Հոկտեմբեր 7-ին` ժամը 08:30-ի սահմաններուն, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, վիրաւորուած է զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Հայկ Լեւոնի Համբարձումեանը: Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Տեղեկութեան համաձայն՝ դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:






