Աշխարհի կաթոլիկ քահանայապետ Հռոմի Ֆրանչիսքոս պապը Վրաստան եւ Ազրպէյճան կատարած այցերէն ետք լրագրողներու հետ խօսած է տպաւորութիւններուն եւ արդիւնքներուն մասին:
«Catholic News Agnecy»-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Պապը խօսած է Կովկասի տարածքին հակամարտութիւններու առկայութեան եւ զանոնք կարգաւորելու անհրաժեշտութեան մասին:
«Դիմելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` ես յոյս ունիմ, որ հարցերը կրնան ստանալ ճիշդ լուծումներ եւ կովկասեան բոլոր ժողովուրդները կրնան ապրիլ խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մէջ»,- ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:
Ան իր այցը որակած է իբրեւ լրացում Յունիսին Հայաստան կատարած այցին` ընդգծելով, որ Կովկասի երեք ժողովուրդները այցելելով` անոնց խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կոչ ուղղած է:
Յիշեցնենք, որ Հռոմի պապը Հայաստան այցելած էր Յունիս 24-26` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով: