Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Սուրիոյ Հակամարտութենէն Տուժածներուն Մօտ 46 Միլիոն Դրամի Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ

Սուրիոյ հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով ՀՀ կառավարութեան Հոկտեմբեր 6-ի նիստին որոշուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցելու համար արտաքին գործոց նախարարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացնել 46 միլիոն 33.000 դրամ:

ՀՀ ԱԳ նախարարին յանձնարարուած է յատկացուող գումարը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին տրամադրել նուիրաբերութեան պայմանագիրի հիման վրայ:

Սեպտեմբեր 30-ին ՀՀ ԱԳՆն յայտարարութիւն տարածած է Սուրիոյ մէջ ռազմական իրավիճակի կտրուկ սրման առընչութեամբ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ` սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար երկու օդանաւով Սուրիա ուղարկուած է մարդասիրական օգնութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին