Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Կառավարութեան Ծրագիրը Քաղաքացիներուն Ապահովուածութեան եւ Պաշտպանութեան Համար է. ՀՀ Վարչապետ

Կառավարութեան ծրագիրը ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիները պաշտպանելուն եւ ապահովելուն: Այս մասին, Հոկտեմբեր 6-ին, Կառավարութեան նիստի ընթացքին ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Ըստ «News.am»-ի՝ նիստէն առաջ, ելոյթ ունեցած է Կառավարութիւն ժամանած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ յաջողութիւն մաղթած է նախարարներուն։

Ան նշած է, որ Կառավարութիւնը իր աշխատանքով առաւելապէս պիտի լսէ հասարակութեան առաջարկները:

«Շնորհակալութիւն ձեր մաղթանքների համար: Դրանք շատ պարտաւորեցնող են: Ուզում եմ, որ Դուք իմանաք. Մեր աշխատանքով մենք կարող ենք կատարել մեր առջեւ դրուած խնդիրները»,– ըսած է ՀՀ վարչապետը:

«Այդ ժամանակ մեր առջեւ ծառացած խնդիրները աստիճանաբար կը նահանջեն»,– պատասխանած է նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին