Հինգշաբթի, 23. 01. 2025

spot_img

Տաւուշի Մէջ 5 Քիլօ 230 Կրամ «Հսկայ» Երեխայ Մը Ծնած Է

Իջեւանի տարածաշրջանի Աչաջուր համայնքի առողջութեան կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 3-ին, անսովոր կշիռքով երեխայ մը ծնած է:

Աչաջուրի առողջութեան կեդրոնի տնօրէն, մանկաբարձ Կորիւն Վարդապետեանը նշած է, որ արական սեռի նորածին հսկան կը կշռէ 5 քիլօ 230 կրամ, իսկ հասակը 57 սանթիմեթր է:

Հայաստանի մէջ ծնած 5.2 քկ․ տղան կ՛ուզեն անուանել Տիգրան` ի պատիւ հայոց արքայ եւ զօրավար Տիգրան Մեծի: Այս մասին NEWS.am Medicine–ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Աչաջուրի Առողջութեան կեդրոնի մանկաբարձ Կորիւն Վարդապետեանը:

Տիգրանը 30-ամեայ Ալվարդ Ղիասեանի 2-րդ որդին է: Անոր առաջնեկը, որ 2 տարի առաջ այստեղ ծնած է, նոյնպէս խոշոր եղած է` 3 ք․ 950 կրամ: Բժշկին խօսքով` յղիութիւնը ընթացած է բնական, առանց որեւէ բարդութեան:

Փոքրիկը ծնած է բնական ճանապարհով: Նորածինը եւ անոր մայրը` Ազատամուտ գիւղի բնակչուհի Ալվարդը, առողջ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին