Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան 60-ամեակը Փարիզի Ուսանողական Ոստանին Մէջ

Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը Փարիզի Cité Universitaire-ի հայկական եւ փորթուկալական ուսանողական տուներուն մէջ՝ Սեպտեմբեր 27-ին բացուած զուգահեռ ցուցահանդէսներով, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2017 Յունուար 3-ը։ Այս մասին կը յայտնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ տնտեսագիտական, դիւանագիտական, մարդասիրական բարձր կարողութիւններով օժտուած եւ գեղագիտական ինքնուրոյն ճաշակի տէր բացառիկ անձնաւորութիւն, եղած է նաեւ կրթական մեծ ծրագիրներու՝ ուսում խթանող հաստատութիւններու մեկենաս, ինչպէս՝ նպաստած է Փարիզի Համալսարանական ոստանի եւ մասնաւորապէս հայ եւ փորթուկալցի ուսանողներու տուներու կառուցման։

Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ՝ Մարթին Եսայեան, Հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Արթուր Վանթոս Սիլվա, Փարիզի մասնաճիւղի տնօրէն՝ Ժոաօ Գարասա, ինչպէս նաեւ Փորթուկալի եւ Հայ տան տնօրէնուհիները։

Այս ձեռնարկին կազմակերպութեան համար երբ Լիզպոնէն փորթուկալական կողմը կը դիմէ, որ ցուցահանդէս տեղի ունենայ Փարիզի Փորթուկալական ուսանողական տան մէջ, հայկական կողմը կ՚ընդառաջէ յիշեցնելով որ Կիւլպէնկեան նաեւ մասնակցած է Հայ ուսանողական տան կառուցման ծրագիրին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին