Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Շնորհաւորագիր

4 Հոկտեմբեր 2016

Վսեմաշուք Պրն. Վիգէն Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան
Պաշտպանութեան Նախագահ

Վսեմաշուք Պրն. Սարգսեան,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս բերկրանքով

իմացաւ Ձեր արժանաւոր անձին Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահին կողմէ նշանակումը, որպէս ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար:

Ձեր անձին անհատական, ակադեմական եւ հասարակական դաշտի մէջ ունեցած արժանիքները, կարողութիւններն ու յաջողութիւնները ծանօթ են մեզի, որուն համար մենք աւելի քան հպարտ ենք Ձեր արժանաւոր անձին նման պետական այրի մը նշանակումով մեր Հայրենիքի Պաշտպանութեան Նախարարի նուրբ պաշտօնին: Նմանապէս մենք ապահով կը զգանք նման պատասխանատուութեան մը գլուխը Ձեր անձը տեսնելով՝ նամանաւանդ Հայրենիքի դիմագրաւած այս պատմական մէկ պահուն:

Այս առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատականներուն անունով սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեզի, մեր կարողութիւնները դնելով Ձեր գլխաւորած նախարարութեան եւ Հայոց քաջարի բանակին տրամադրութեան տակ:

Յաջողութիւն Ձեզի՝ Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:

Ի Դիմաց՝
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութեան

 

Սեւակ Յակոբեան                                                      Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                                    Ատենապետ

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին