*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Պուքրէշի «կարա տի նորտ» հիւսիսային կայարանէն արագընթաց գնացքը շուրջ 7 ժամ կը բարձրանայ վե՛ր, դէպի հին Մոլտովայի սահմանը, անցնելով չքնաղ անտառներու, լճակներու, գետակներու եւ այլ բնութեան գլուխգործոց ստեղծագործութիւններու ընդմէջէն՝ ի վերջոյ կանգ առնելով Սուչավայի կեդրոնական կայարանը կանաչապատ հովիտի մէջ, ուր հասնիլը ձմրան անկարելի է, կուտակուող ձիւնի բլուրներու պատճառով: Այստեղ, Սելճուքեան, մոնկոլ-թաթարեան, թուրքազգի ժողովուրդներէ եւ ապա օսմանցիներէ փախուստ տուող երբեմնի քաղաքամայր Անիի բնակիչները ապաստանած են, ծաղկեցնելով զայն ու դարձնելով տարածաշրջանի առեւտրա-արդիւնաբերական փառաւոր կեդրոն: Մեր առաջին այցելութեան, տարիներ առաջ, կը գիշերենք «Սթրատա Արմէանասքա»ի (հայկական փողոց) վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ուխտաւորներու տան մէջ, իսկ միւս առաւօտեան, հոգեւոր հովիւ Թորգոմ-Ազատ Մանտալեանին հետ կ’այցելենք ինչպէս հաճկատարի սրբավայր-վանքը եւ հայ դուքսերու, իշխաններու, կոմսերու գերեզմանատունը, որոնք ծառայած են Լեհաստանի թագաւորութեան, Մոլտովայի իշխանապետերուն եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան: Իսկ ամէնէն շշմեցուցինչը, 1606-ին կառուցուած լեհահայերու «Զամքա» (ամրոց) վանքն էր, ուր ցոյց կը տրուէր Անիի ամրութիւնները կառուցած ճարտարապետներու շառաւիղներու փորձն ու վարպետութիւնը: Վանք-բերդը կառուցուած է ռազմագիտական շատ կարեւոր եռանկիւնի մէջ, շրջապատուած պարիսպով եւ ջրային լայն խրամատ-խանդակով: Իսկ դէմը գտնուող դաշտային նեղ տարածութեան վրայ կան ամրութիւններու երկրորդ պաշտպանական գիծ, թշնամիները զսպելու եւ ապա հակա-հարուած հասցնելու:
Ռումանիոյ կառավարութիւնը տնտեսական մեծ միջոցներ տրամադրեց Զամքայի վանքն ու ամրոցը ամբողջապէս վերանորոգելու եւ զայն դարձնելու եզակի ու պահպանուած կառոյցներէն մէկը:
Այո, հայ ժողովուրդը մարդկային քաղաքակրթութեան կերտողներէն մէկն է՝ պատմական Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա, Պուլկարիա, Մակեդոնիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Լեհաստան, Խրիմ, Ռուսիա՝ հասնելով մինչեւ Հնդկաստան եւ ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներ, Լատինական եւ Հիւսիսային Ամերիկաներ:
Այնպէս որ, ինչպէս Միջին Արեւելքի թէ համայն աշխարհի մէջ, հայ ըլլալը միշտ պատիւ է եւ թագաւորներ, կայսրեր, նոյնիսկ օսմանեան սուլթաններ, հրաւիրած ու պաշտպանած են հայ տաղանդաւոր անձինք, մինչ շնորհիւ Նոր Ջուղայի հայ առեւտրականներու, պարսկական Սեֆէուիներու կայսրութեան ամբողջ արտաքին առեւտուրը, մասնաւորաբար Հնդկաստան, Պենկալ, Ինտոնեզիա, Պուրմա, վստահուած էր հայ վաճառականներու: Ամենուրէք հայ եկեղեցիներ, բնակավայրեր, տպարաններ, հիւանդանոցներ, հայկական հոգեւոր ու նիւթական հարստութիւն, որոնք պէտք է պահպանել, տէր կանգնիլ եւ ոչ թէ ամայի վանքեր եւ ամրոցներ ձգել սերունդներուն, կամ ալ անծայրածիր գերեզմաններ: