Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Շնորհաւորագիր

 ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ
ՊԱՐՈՆ ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆԻՆ

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեր կուսակցութեան բոլոր անդամները, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան 95 ամեակի առիթով:

95 տարիներու պատկառելի ճանապարհ անցած ՌԱԿ-ի անդամները «իրենց խղճի եւ պատւոյն վրայ» երդուած են ծառայելու «հայրենիքի բոլոր նուիրական սրբութիւններուն» եւ « ի գին ամէն զոհողութեան, նուիրուիլ ազգին, հայրենիքին» եւ հաւատարիմ մնալով այս խոստումին ՌԱԿ-ը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի ու Հայրենիքի կողքին՝ նպաստելով երկրի կայունութեան, զարգացման ու հայապահպանութեան սրբազան գործին:
Արմենական կուսակցութեան իրաւայաջորդ Ձեր կուսակցութիւնը գլխաւոր նպատակ ունեցած է՝ օժանդակելու հայրենիքին, հանդէս գալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնականութեան օգտին եւ շարունակել հայապահպան գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ այդ առումով մեծ է անոր ներդրումը այս ոլորտէն ներս` շնորհիւ Սփիւռքի տարբեր քաղաքներու մէջ անոր կառուցած դպրոցներուն, մշակութային կեդրոններուն եւ մամուլին։

Ցաւով կը նշեմ, որ վերջին շրջանին կուսակցութիւնը երկփեղկուած է. չկան այն միասնական կուռ շարքերը, որոնք բնորոշ էին այս կուսակցութեան 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն:

Յոյսով եմ, որ 95 ամեակին առիթով, հաւատարիմ մնալով Ձեր երդման “ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն, որդեգրելով անոր դաւանած ազգային եւ քաղաքական նպատակները” դո՛ւք կը ձգտիք վերականգնելու Ձեր միասնութիւնը եւ կրկին կը համախմբուիք այս սրբազան գաղափարին շուրջ։

Թող յաւերժ շարունակուի Ձեր երթը միասնութեան հզօր ուժի շուրջ՝ յանուն Հայրենիքի, հայ ժողովուրդի եւ նուիրական կուսակցութեան յարատեւութեան։

 

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին