Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Երանի Գինովին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Երանի գինովին, որու համար աշխարհը կ’երերայ բայց չի փլիր. արեւն անհոգ կը ծիծաղի աշխարհի ցաւերուն, ու ի՛ր ժամին կը թաւալի անաղմուկ, ու աղջամուղջն իր կարմիրով կու տայ գոյնը գրաւիչ մայրամուտին: Ճամբաներու ոլոր մոլոր, օձապտոյտ ընթացքն արդէն երանելի ցուցմունք են ուր տեսանելի եւ թէ անտես թիթեռնիկներ կ’ելեւէջէն իբրեւ ոգի մեռեալներու, անտառներու գազանները դարձեր են լուռ ու հնազանդ. Թիւեր չկան. սահմաններն ալ  իրենց կարգին սահմանումներ չունին արդէն, ու ամէն ինչ հեղուկային… նո՛յնն են ամէն մեծ ու փոքր հզօր անզօր հերոսները այս աշխարհի… ու մարմիններ կանացի մառախուղի մէջ ծիածան իրենց սիրոյն պլլուած՝ դրախտային իբրեւ օձ կը ծեքծեքին վարսաթափ, դրախտային «արգիլուած պտուղը» չճաշակած…

Երանի գինովին… որ դեռ գինի կը բուրէ ու կը շնչէ, կը տեսնէ ու աւելին՝ ա՛լ ամէն ինչ կատարեալ է քանի որ երազ է աս, եւ երազին սահմանները ո՜վ կը գծէ…

Երանի գինովին, որ գաւաթին մէջ իր կեանքի, որ ալ դատարկ է հիմա, նոյնացած են հակադիր մտերիմներ ի վաղուց, կեանքն ու մահը անխտիր:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին