Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Ֆրանսական «Credit Agrecol» ընկերութեան պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն յայտարարեց, թէ պետութիւն մը, որ պատրաստ է աջակցիլ գործարար դաշտին՝ կը կարենայ հասնիլ տնտեսութեան զարգացման ու ապահովել յառաջընթաց: Ընդգծելով «Credit Agrecol»-ի գործունէութիւնը Հայաստանի դրամատնային մարզէն ներս եւ ֆրանսական կառավարման մշակոյթի ներկայութիւնը՝ վարչապետը կարեւորեց ֆրանսական ներդրումային ծրագիրներու ուղղութեամբ լրացուցիչ քայլերու իրականացումը: «Մենք կ’ուզենք բարելաւել առեւտուրի միջավայրը եւ այդ նպատակով որոշակիօրէն փոխուած է նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան ուղղուածութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ աջակցիլ գործարար հատուածին եւ ներդրումներու իրականացումին» ըսաւ Կարապետեան, աւելցնելով, որ հանդիպելով դրամատնային ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ, ինք առաջարկած է մշակել համապատասխան միջոցներ` դրամատուներու միջոցով վարկաւորելու փոքր եւ միջին առեւտուրը՝ նպաստելով տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու աշխուժացման: