Հայաստանի ու Ազրպէյճանի առաջնորդները պատրաստ չեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման: Այս մասին յայտնեց Մ.Ն -ու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ՝ խօսելով սառած հակամարտութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն մասին: Ըստ անոր, ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով տակաւին հեռանկարներ չկան, որովհետեւ հակամարտ երկիրներու առաջնորդները պատրաստ չեն եւ կայ որոշակի լարուածութիւն: Քերրի-ի խօսքով, պաղեստին եւ իսրայէլական համակարտութիւնը, օրինակ, աւելի շատ առիթներ ունի՝ հաշուի առնելով ,որ մարդիկ պատրաստ են ընդունիլ որոշակի որոշումներ: