Ազրպէյճանական ուժերը շարունակեցին զինադադարի խախտումները:Լեռնային ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը յայտարարեց, թէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է աւելի քան 25 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 450 կրակոց: Արցախեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ
անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: