Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Կրթական 78-րդ Վերամուտը

28 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական հաւաքը՝ կրթական վերամուտին առիթով:

veramoud7_r

Ծնողներուն եւ աշակերտներուն առջեւ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շեշտեց կրթութեան կարեւորութիւնը՝ ինչպէս անհատի կեանքին, նոյնպէս եւ հաւաքականութեան համար: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ Մեսրոպեանը հաւատարիմ պիտի մնայ հայ ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները սերունդներուն փոխանցելու ուսումնական ուղեգիծին, որպէս անբաժան մաս աշակերտներուն մէջ տիպար մարդը եւ տիպար քաղաքացին կազմաւորելու իր առաքելութեան:

veramoud2_r

veramoud6_r

 

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցուոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան իր հերթին կարեւորեց սիրոյ եւ ընտանեկան համերաշխութեան ամրապնդումը, որպէս էական տարր մանուկներու հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորման: Ան դիտել տուաւ օրինակը նորօք սրբադասեալ Մայր Թերեզային, որ ընտանեկան սէրը հիմքը համարեց մարդկային երջանկութեան եւ մարդկութեան իրական յառաջընթացին:

veramoud10_r

veramoud12_r

Աշակերտներու թիւով լիբանանահայ մեծագոյն դպրոցը հանդիսացող Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր 78-րդ վերամուտը կը նշէ արձանագրուած բազմաթիւ յաջողութիւններու եւ զարգացման նոր ծրագիրներու խորապատկերին վրայ: Անցեալ տարի վարժարանի ակադեմական եւ արուեստից ճիւղերու 105 աշակերտներ յաջողեցան պետական քննութիւններուն, յաջողութեան խառն համեմատութիւնը հասցնելով աւելի քան 92 առ հարիւրի: Նոր տարեշրջանին Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը Սէն Ժոզէֆ համալսարանին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ աշակերտները պատրաստել ֆրանսերէնի DELF քննութիւններուն: Կրթական նոր ծրագիրներու շարքին, դպրոցի ուսուցիչները պիտի մասնակցին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ կայանալիք քննադատական մտածողութեան վարժողական դասընթացքներուն:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին